2009-04-05 18:28:11

Ծիսական ժամանակացոյց` կիրակի, ապրիլ 5, Ծաղկազարդ կամ Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ ընթերցում ս. Յովհաննէսի Աւետարանէն գլուխ 12, 12-19


Ծիսական ժամանակացոյց` կիրակի, ապրիլ 5, Ծաղկազարդ կամ Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ ընթերցում ս. Յովհաննէսի Աւետարանէն գլուխ 12, 12-19

Յաջորդ օրը, երբ տօնին համար եկած ժողովուրդի բազմութիւնը լսեց, որ Երուսաղէմ կու այ Յիսուս, արմաւենիի ճիւղեր առին, զինք դիմաւորելու գացին եւ կ՛աղաղակէին ու կ՛ըսէին Ովսաննա՜ օրհնութի՜ւն անոր, որ Տիրոջ անունով կու գաս , ո՜վ թագաւորդ Իսրայէլի։

Եւ էշ մը տնելով, Յիսուս անոր վրայ նստաւ, ինչպէս գրուած է արդէն. Մի՛ վախնար, Սիոնի՜ դուստր, ահա իշու քուռակին վրայ նստած ՝ թագաւորդ (է, որ) կու գայ։ Աշակերտները մէկէն չհասկցան (այս խօսքին իմաստը), բայց երբ Յիսուս փառաւորուեցաւ, այն ատեն յիշեցին, թէ իրենք ա՛յն ըրած էին իրեն, ինչ որ գրուած իրեն համար։ Ժողովուրդը, որ անոր հետն էր, անո՛նք կը վկայէին թէ Ղազարը (ի՛նք) դուրս կանչած էր գերեզմանէն եւ մեռելներէն (ի՛նք) յարութիւն տուած էր անոր։ Ժողովուրդը անոր համար ալ դիմաւորելու եկաւ զինք, որովհետեւ լսած էին, թէ այդպիսի հրաշք մը գործած էր։ Մինչ փարիսեցիները իրարու կ՛ըսէին. Կը տեսնէ՞ք, թէ ոչ մէկ օգուտ կ՛ելլէ ձեզի, ահաւասիկ, ամբողջ աշխա՛րհը անոր ետեւէն գնաց։

Ծաղկազարդի կիրակի օրուան արարողութիւնը կը յատկանշուի արմաւենիի, ձիթենիի կամ ուռիի ճիւղերու օրհնութեամբ, որոնցմէ կը բաժնուի բոլոր ներկայ հաւատացեալներուն որպէսզի ճիւղերը տանին իրենց տուները ու զանոնք պահեն իբր բարիք եւ պաշտպանութիւն ապահովող նշաններ։ Սակայն մանաւանդ յատկանշանական ու շեշտուած կարեւորութիւն ունի ծաղկազարդի թափօրը, որուն կը մասնակցին բոլոր մանուկները ու երախաները, զարդարուն ու գունաւոր մոմերով։



Ծաղակազարդի օրը Հայ եկեղեցին կը կատարէ Անդաստանը

Անդաստան – Անդաստանը աշխարհի չորս ծագերու օրհներգութեան նուիրուած արարողութիւն մըն է։ Ժամանակին ան կը նուիրուէր արտերու եւ անդաստաններու պտղաբերութեան համար։ Այդ օրերուն, Անդաստանը կը կատարուէր Եկեղեցէն դուրս` արտերու եւ այգիներու մէջ։

՛՛Անդաստան ելլել՛՛ կամ ՛՛Անդաստան օրհնել՛՛ կը նշանակէր աշխարհի չորս կողմերը օրհնել։ Արարողութեան ժամանակ, հոգեւոր դասը խաչով, խաչվառով եւ Աւետարանով երգելով կ՛օրհնէր արեւելքը եւ այդ կողմը գտնւող Հայոց Հայրապետութիւնը` Սուրբ Խաչի եւ Աւետարանի նշանով, յանուն Սուրբ Երրորդութեան։ Այա կ՛օրհնուէր եւ պահպանման խնդրանք կը ներկայացուէր աշխարհի արեւմտեան կողմի համար, որ քրիստոնեայ թագաւորութիւններ եւ ազգեր կային։

Դէմքերը դէպի հարաւ դարձնելով` կ՛օրհնէին հարաւը, այնտեղ գտնւող երկիրները, անդաստանները եւ տարուան պտղաբերութիւնը։

Դէպի հիւսիս դառնալով կ՛օրհնէին վերջապէս հիւսիսային կողմը գտնւող վանքերը, անապատները, քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց բնակիչները։

Ներկայիս Անդաստանը կը կատարուի եկեղեցիի ատեանէն ներս, այսինքն եկեղեիին մէջտեղը։ Ս. Գիրքի ընթերցումէն ետք, բոլոր ներկայ եկեղեցականները շուրջաոներով կը զգեստաւորուին։ Հանդիսապետը խաչ ու գաւազան կ՛առնէ ու կը կենայ եկեղեցիին մէջտեղը։ Միւս եկեղեցակնները կ՛առնեն խաչ կամ Աւետարան, հանդիսաւոր օրերուն նաեւ այլ մասունքներ, եւ կը կենան հանդիսապետին կողքին, եկեղեցիին մէջտեղը, դէմքերը դարձած դէպի Արեւելք։ Բուրուարակիր սարկաւագը, մոմակալները եւ միւս սարկաւագները վառած մոմեր բռնած կը տեղաւորուին ատեանի եզերքին, եկեղեցականներուն դիմաց դէմքերը դէպի Արեւմուտք։ Իսկ դպիրները բեռքերնին մէկական վառած մոմ` կը շարուին բեմին առջեւ, դէմքերը դէպի Արեւմուտք։








All the contents on this site are copyrighted ©.